Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԶՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին երկու օրերուն Աթագիւղի Ողիմպիական մարզասրահին մէջ մասնակցեցան Իսթանպուլի՝ մինչեւ 12, 14 եւ16 տարեկաններու քաղաքային զտման։ Շիշլիցիներուն տեսակէտէ սա եղաւ կարեւոր առիթ մը փորձառութիւն ձեռք բերելու տեսակէտէ։
Շիշլի մարզակումբէն չորս արական սեռէ ու վեց իգական սեռէ մարզիկ մասնակցեցան այս զտումներուն։ Անոնց շարքին Աքսել Պեշիրեան եւ Ռինա Չոլաք ուշագրաւ աստիճաններու հասան։
Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025