ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SIFIR ATIK» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնարկը նոր հաստատուած է եւ անոր նպատակն է նպաստել թափօններու քանակութիւնը իջեցնելու ուղղեալ ջանքերուն՝ զանոնք ի վերջոյ հասցնելու համար զերոյական մակարդակի։ Սամետ Աղըրպաշ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեց, որ այս պայքարը լուրջ նշանակութիւն ունի բնապահպանութեան գիտակցութեան տեսակէտէ։ Ան աւելցուց, որ փափաքած էր անձամբ ծանօթանալու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ անոր ծանօթացնելու իր գլխաւորած հիմնարկի որդեգրած գործունէութեան ուղղութիւնները։ Ի լրումն այս բոլորին, Աղըրպաշ խնդրեց Նորին Ամենապատուութեան զօրակցութիւնը, որպէսզի թրքահայ համայնքի եկեղեցիներն ու դպրոցներն ալ բաժնեն այս զգայնութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Սամետ Աղըրպաշի այցելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորահաստատ հիմնարկի գործունէութեան համար։ Ան շեշտեց, որ ինք եւս ամբողջութեամբ կը բաժնէ բնապահպանական գիտակցութիւնն ու զգայնութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց յաջողութեան մաղթանքները՝ նորահաստատ հիմնարկի առաքելութեան համար։