ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը։ Սիրալիր զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ։ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Գումգաբու փութացած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութիւններ յղելու համար Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ նախապէս այցելած էր իրեն։

Անոնք շօշափեցին Թուրքիոյ քրիստոնեաներու եւ համաքրիստոնէական աշխարհի օրակարգային զանազան նիւթերը։

Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026