ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պատասխանատուները, որոնք իրեն տեղեկութիւններ փոխանցեցին մօտալուտ ձեռնարկի մասին։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, պարուսոյց Իրիս Չափքան եւ միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ մօտալուտ ձեռնարկը յոբելենական բնոյթ պիտի ունենայ, որովհետեւ ծրագրուած է համոյթի 45-ամեակը նշելու նպատակով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ «Մարալ» համոյթը մեր համայնքի գլխաւոր լծակներէն մին է, որ երիտասարդութեան ներուժը կը ծառայեցնէ ինքնութեան պահպանման եւ մեր ժառանգութեան փոխանցման նպատակներուն։ Ուստի, ան շնորհաւորեց «Մարալ»ի յոբելեանը եւ խրախուսական արտայայտութիւններով յաջողութիւն մաղթեց, որպէսզի 45-ամեակի ձեռնարկը գործօնի մը վերածուի համոյթի ապագայ կենսունակութեան ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2025