ԲԱՑ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ՝ խորհրդանշական կէտէ մը։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած գործը ներկայացուեցաւ առաջին պատրիարքանիստ թաղին՝ Սամաթիոյ մէջ։ Հակառակ աշխատանքային օրուան զուգադիպելուն՝ ձեռնարկը արժանացաւ հետաքրքրութեան՝ հայերէնով ֆիլմի մը հետեւելու մակարդակով անձերու։
Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Կրետէի հայոց հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Գարին Աքալ եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Գարին Աքալ եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Մասնակիցները ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկայացման, որու աւարտին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան յուշանուէր մը յանձնեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանին, իսկ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ֆիլմը վաղը երեկոյեան պիտի ներկայացուի Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։