ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԿԱԶՄԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ համախմբեց Պէշիկթաշի ընտանիքի զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչները։ Սիրոյ սեղանի ձեւաչափով սարքուած նախաճաշ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ գործակից ընկերները։ «Պալեան» սրահի երդիքին տակ, այս հաւաքոյթով պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ նորահաստատ երիտասարդաց կազմի գործունէութիւնը։

Բոլորը շնորհաւորեցին նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի անուանակոչութեան օրը, նոյնպէս թաղականներէն Մարտիրոս Իվաթկիլը, ինչպէս նաեւ ծննդեան տարեդարձին առթիւ՝ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբէն Բարթող Ճանիկեանը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025