ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Պոլսահայութիւնը շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային գործիչ Միհրան Ուլիկեանին, որու յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու բարեյիշատակ Միհրան Ուլիկեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ 

Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր հոգելոյս Միհրան Ուլիկեանի դագաղը, որու շուրջ բազմաթիւ ազգայիններ կերոն բռնեցին՝ ներկայացնելով այն հաստատութիւնները, որոնց ծառայութիւն մատուցած էր հանգուցեալը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը՝ վեր առնելով հոգելոյս Միհրան Ուլիկեանի ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս մատուցած անփոխարինելի ծառայութիւնը։ Բոլոր յուղարկաւորները աղօթեցին Միհրան Ուլիկեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար՝ մինչ բոլորի վկայութիւններուն մէջ հերթական անգամ բիւրեղացան իր ազնիւ նկարագիրը եւ անոր կողմէ թրքահայ արդի տարեգրութեանց մէջ թողուած ինքնուրոյն հետքը։ Յուղարկաւորութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ իր օրհնութիւնը տուաւ Միհրան Ուլիկեանի այրիին՝ Զապէլ Ուլիկեանին եւ բոլոր հարազատներուն, որոնց փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները եւ առարկայ դարձուց մխիթարական զգացումներու։ 

Միհրան Ուլիկեանի դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ 

Այս տխուր առթիւ դարձեալ երկնային հանգիստ կը հայցենք Միհրան Ուլիկեանի բարի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք այրիին եւ համայն ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025