ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂ ՄՏԱԽԱՂԵՐ

Գարակէօզեան տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային մտախաղերու մրցոյթը, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Դպրոցի համալիրէն ներս «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Թուրք ուղեղի խումբին հետ համագործութեամբ։ Այս կառոյցին կողմէ ներկայ էր Էրհան Սէյիս՝ որպէս վերահսկիչ։ 13 համայնքային վարժարանէ 39 աշակերտ մասնակցեցաւ այս նախագծին։ Մրցաշարքը սկիզբ առաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլուի ողջոյնի խօսքով։

Խմբային դասաւորման մէջ դափնեկիրները եղան Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանները։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հորիզոնականները զբաղեցուցին Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, Մելիք Եկէնեան եւ Առէն Թովմաս Քարթուն։

Գրեթէ ամբողջ օր տեւեցին մրցումները, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանականբաշխութիւն։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ կարկանդակ մը՝ տօնախմբելու համար արձանագրուած յաջողութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025