ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՏԻՐԱՀԱՅՐ ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երէկ համակուած էր տխրութեամբ՝ նորոգ վախճանեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի յուղարկաւորութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին որդիաբար բարոյական զօրակցութիւն յայտնելու տրամադրութեամբ՝ համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին հանգուցեալ Յակոբճան Մաշալեանի յուզումնախառն վերջին հրաժեշտին, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Լուսաշող տաճարի կեդրոնը մահաբեմի վրայ զետեղուած էր դագաղը, որու շուրջ յուղարկաւորներ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին լուսահոգի տիրահօր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Ընթերցուեցան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Կիլիկեան Աթոռի գահակալ Տ.Տ. Արամ Ա.-ի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի ցաւակցականները։
Նորին Ամենապատուութեան վշտակցելու փութացած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ բազմաթիւ համայնքային վարիչներ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեաան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, քաղաքիս հայաբնակ թաղերու տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն ներկայացուցիչներ եւ այլ բարձրաստիճան դիւանակալներ։ Ի լրումն այս բոլորին յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները կամ ներկայացուցիչները։ Անշուշտ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առընթեր բոլորի բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձան տիրամայրն ու հանգուցեալի հարազատները եւ ընտանեկան պարագաները։
Լուսահոգի Յակոբճան Մաշալեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռախօսազանգով մը ցաւակցութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։