ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՇՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետ Շահինար Պոշնաքը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

Թաղականները զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուին Ռումելիհիսարի եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագրին շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին, որ աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են եւ այս տարի կարելի պիտի չըլլայ անուան տօնախմբութիւն կազմակերպել։ Արդարեւ, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ աշնան կարելի դառնայ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Վոսփորի Եւրոպական ափի այս սրբավայրի պայծառութեան համար յառաջ տարուած աշխատանքին համար։ Ան գնահատեց նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները եւ յղելով բարեմաղթանքը։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025