ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին երկրորդն էր։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած գործը ներկայացուեցաւ քաղաքիս ամենահայահոծ թաղին՝ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Երեկոյթը հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան, որու արտայայտութեան աւարտին ներկայացուեցաւ ֆիլմը։
Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որու աւարտին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր յուշանուէր մը յանձնեց Արա Գօչունեանին եւ այս փուլին փոխանցեց իր տպաւորութիւնները։
Հուսկ, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի խօսքով եզրափակուեցաւ երեկոյթը։ Ան յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը թրքահայ համայնքի սիրտն է, իսկ այս ֆիլմը եկած է դառնալ վառ ապացոյց մը, թէ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ինչպիսի կարեւոր դերակատարութիւն մը ունի պատմական վկայութիւններով ու դարաւոր հետեւողականութեամբ, անշուշտ, լրատուամիջոց մը ըլլալու առընթեր։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ներկաները պատուասիրուեցան Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Բոլորը անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցեցին՝ փոխանակելով ֆիլմին վերաբերեալ իրենց տպաւորութիւնները, արժեւորումներն ու դիտարկումները։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ֆիլմը վաղը երեկոյեան պիտի ներկայացուի Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։