ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան աւարտեց դէպի Անգարա իր ուղեւորութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն վերադարձած է քաղաքս։ Ան եռօրեայ շփումներուն ժամանակ մայրաքաղաքի մէջ թէ՛ գործադիր եւ թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ շօշափեց՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային հրատապ հարցերը։ Համայնքին տեսակէտէ ողջունելի երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան խնդիրները։

Նորին Ամենապատուութիւնը այցելութեան եզրափակիչ փուլին մէկտեղուեցաւ ԱՔ կուսակցութենէն խումբ մը երեսփոխանի հետ։ Այսպէս, կէսօրուան ճաշասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ։ Բացի այս վերջինէն, ներկայ էին՝ Մուսթաֆա Սաւաշ, Ռեսուլ Քուրթ, Մուսթաֆա Ճանպէյ, Սունա Քեփօղլու Աթաման, Ֆերհատ Նասըրօղլու, Նազըմ Սաւաշ, Զեքի Քորքութ Աթա, Իսհաք Շան, Վէյսալ Թիփիօղլու եւ Արսլան Թաթար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ էին՝ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, Պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքէն Կարօ Վռամ Պապայեան եւ գաւազանակիրը՝ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։

Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Սեւան Սվաճըօղլուին, որ կամուրջի դեր կը կատարէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ երեսփոխանները կը կատարեն՝ աւելի լաւ ապագայ մը կառուցելու ուղղեալ պարտականութիւններ։

Անկեղծ ու անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ խօսակցութիւններ ծաւալուեցան նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ապագային վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան եւ գնահատականներ տրուեցան զանազան խնդիրներու կապակցութեամբ։

Պատգամաւորներու հետ ճաշասեղանի շուրջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ 2008 թուականին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած կառուցուածքային փոփոխութիւններուն շուրջ, որոնք կենսական նշանակութիւն ունեցան թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, այդ գործընթացի աւարտին համայնքին վերադարձուեցաւ աւելի քան 1200 կալուած։ Համապատասխան կարգաւորումներու արդիւնքին շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ բաց պահել՝ պոլսահայ համայնքի 17 դպրոցը։ Արդարեւ, այդ վարժարաններուն բաց մնալն ու որակեալ կրթութիւն ջամբելը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ինչպէս համայնքին, այնպէս ալ երկրին տեսակէտէ։

Ճաշասեղանէն հրաժեշտ առնելու ժամանակ բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին՝ երկրի ապագային վերաբերեալ բարեացական տրամադրութիւններով կատարուած արժեւորումներու այս եզակի հնարաւորութեան համար՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025