ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի մեծանուն հիմնադիրները՝ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ոգեկոչումը համախմբեց հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները, որոնք իրենց խոնարհումը բերին թէ՛ հիմնադիրներուն եւ թէ անցեալի մէջ կրթօճախին ծառայած բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ եւ դպրոցէն այլ պատասխանատուներ, կրթական մշակներ։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատներու՝ Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը՝ նոյնպէս հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։

Երկուշաբթի, Յունուար 19, 2026