ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը: Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնի շաբաթավերջին մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
Թէեւ նախապէս յայտարարուած էր, որ Պէյօղլուիի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, սակայն, ան ակամայ բացակայեցաւ արարողութիւններէն: Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան: Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնարութեամբ Շանթ Էսմէրի:
Ս. Պատարագի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց օրհնութեան կարգը: Այս առթիւ արարողութեան ներկայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները մօտեցան խորան եւ ստացան օրհնութիւն:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ ընդունելութիւն: