ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն Թոմաս Ռեչըլը։ Այս վերջինը Պունտեսթաքէ ներս մաս կը կազմէ՝ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան խմբակցութեան։ Ան փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու։ Հիւր խորհրդարանականը նշեց, որ իր առաքելութեան բերմամբ կը կատարէ նման այցելութիւններ, որոնց ծիրէն ներս ներկայացած է Պատրիարքարան։

Ուրախութիւն յայտնելով այս այցելութեան համար՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց գերմանացի երեսփոխանը, որ կրօնական հարցերով կը զբաղի։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս՝ որպէս հոգեւոր կեդրոն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ զբաղեցուցած դիրքին շուրջ՝ Նուիրապետական Աթոռի կարգավիճակով։ Ան այս ամբողջին մէջ շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքը կատարեալ կրօնական ազատութիւն կը վայելէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025