ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզարական Պատրիարքը երէկ ընդունեց թրքահայ համայնքին կողմէ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի՝ վերանորոգման պատճառով փակ ըլլալուն հետեւանքով՝ անցեալ ամառ Գնալը կղզիի յունաց վանքի համալիրի ամառնային ճամբարը տրամադրուած էր Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աշակերտներուն։ Նորին Սրբութեան բարեհաճ օրհնութեամբ կատարուած էր այս կարգադրութիւնը, որու համար ներկայ տարեմուտին համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ Ֆէնէրի պատրիարքարանը փութացին՝ արտայայտելու համար իրենց երախտագիտութիւնը։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, «Հրանդ Տինք» դպրոցի վարչայինները եւ ամառնային ճամբարի կարգադրութիւններուն հետամուտ եղած այլ դէմքեր խմբովին ներկայացան Նորին Սրբութեան, որուն յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը եւ բարեմաղթանքներ յղեցին ներկայ տարեմուտին առթիւ։
«Հրանդ Տինք» դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանն ալ այս առթիւ յուշանուէր մը յանձնեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին, որ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները։