Ուրբաթ 21, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, այս դպրաց դասու նախագահն է։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էին՝ երգչախումբի վարիչ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան եւ երգեհոնահար Արտէն Զէյֆիեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի՝ երբեմնի հայահոծ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը։
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ երգչախումբի մօտալուտ համերգի շուրջ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2025