Հինգշաբթի 20, Նոյեմբեր 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹՒԻՆԸ
Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկային նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ թաղականները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչին։
Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Թոփգաբուի ընտանիքի գործունէութեան զանազան երեսակները։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025