ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՈՍԿԵՐԻՉ ՎԱՐՊԵՏ ՍԵՒԱՆ ՊՉԱՔՃԸԻՆ

Երէկ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որու ընթացքին պատուաբեր մրցանակի մը արժանացաւ մեր համայնքի ոսկերիչ վարպետներէն Սեւան Պչաքճը։ Այսպէս, «Միլլէթ» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ձեռամբ բաժնուեցան՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասնաւոր մրցանակները, ինչպէս նաեւ «Կենդանի մարդկանց գանձեր» անուանեալ մրցանակները։ Նախագահ Էրտողանի ձեռամբ մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։

Բազմաթիւ անձնաւորութիւններու շարքին, «Կենդանի մարդկանց գանձեր» մրցանակին արժանացաւ նաեւ յայտնի վարպետ Սեւան Պչաքճը, որու ոսկերչական կալուածէ ներս գործունէութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր համատարած գնահատանքի կ՚արժանանայ։ Սեւան Պչաքճըի արտադրանքը, արհեստը ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն բարի համբաւ ձեռք բերած է եւ ան բառին բուն իմաստով հեղինակութիւն մը կը համարուի իր ոլորտէն ներս։

Այս համայնապատկերին վրայ Սեւան Պչաքճը երէկ նախագահ Էրտողանի ձեռամբ ստացաւ իր մրցանակը, ինչ որ համայնքային շրջանակներուն կողմէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Թրքահայութիւնը հպարտութեամբ հետեւեցաւ այս դրուագին եւ հերթական անգամ Սեւան Պչաքճըի նկատմամբ եղած համակրանքը, գնահատանքը թարմացաւ։ 

Նախագահ Էրտողան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ գեղարուեստը ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան ամենաորոշիչ տարրերէն մին է։ Իր խօսքով՝ այս աշխարհագրութեան մէջ քաղաքակրթութեան ծառի արմատները ամէնուր են։ Էրտողան շեշտեց նաեւ «Մշակոյթի ճանապարհ» խորագրեալ փառատօներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկները, որոնց թիւը անցեալ տարի մօտեցած է տասն հազարի սահմանին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026