Երկուշաբթի 21, Ապրիլ 2025
Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ Ս. Զատկի սեղան մը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները, հաստատութեան այլ պատասխանատուներ, նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու մասնակցեցան այս հաւաքոյթին բաժնելով մնայուն բնակիչներուն ուրախութիւնը։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն՝ մաղթելով, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ Բարձրեալն Աստուած զիրենք արժանի դարձնէ նոր տաղաւարներ ողջունելու։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025