ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՒԵՏԻՍԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Ս. Զատիկը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ս. Յարութեան տօնին առթիւ պատարագեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս հայահոծ թաղերու, այնպէս ալ բնակչութենէն նօսրացած շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագներուն առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, հաւատացեալները ամբողջութեամբ լեցուցին եկեղեցիները, ուր բոլորը ողջագուրուեցաւ տօնական աւետիսով։

Յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հոգեւորականաց դասէն այլ անդամներ։ Նորին Ամենապատուութինը ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, համայնքային վարիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։

Իր խօսքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Զատկի առթիւ բոլորին փոխանցեց օրհնութիւններն ու մաղթեց խաղաղութիւն։ «Ամէն մարզի մէջ գարուն պէտք է», ըսաւ ան եւ անդրադարձաւ աշխարհի ու Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն։ Իր խօսքով՝ երկրէն ներս յատուկ շրջան մըն է, որու պայմաններուն ներքեւ փոքրամասնութիւնները պէտք է ըլլան աւելի ուշադիր՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս պէտք է գալ աւելի զուսպ։ Ան մաղթեց, որ համաշխարհային քաղաքական փոփոխութիւնները ընթանան ժողովուրդներու եւ ազգերու հաշտութեան ուղղութեամբ։ Այս բոլորէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման  ուղղութեամբ կան բարի լուրեր, սահմանի բացման հաւանականութիւնը աւելցած է, մէկ կողմէ ալ Անիի կամուրջը կը վերանորոգուի։ «Մեր սրտի բաղձանքն է, որ այս բոլորը ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուի, որովհետեւ մեր համայնքը այս բոլորէն ամենաշատ օգտուողը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։

Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ համայնքային օրակարգին։ Առաջին հերթին ան տեղեկացուց, որ նորաօծ Տ. Արսէն Քահանան Իզմիրի մէջ ծառայութիւն պիտի մատուցէ՝ պիտի օգնէ այդ շրջանի մեր ժողովուրդին։

Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ այս տարի եւս համայնքային վարժարաններու ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղաններուն պիւտճէի բացերը չեն հաւասարակշռուած։ ԹՎՄ-ի կրթական յանձնախումբը պիտի ջանայ լուծում մը գտնել կուտակուած հարցերուն։ Մինչ այդ, Ազգային կրթութեան նախարարութեան որոշ քայլերն ալ համայնքին տեսակէտէ շատ հասկնալի չեն, ուստի, Սեւան Սվաճըօղլու միջնորդի դերի մէջ է ստեղծուած խնդիրները հարթելու համար։ «Ինչպէս համայնքը պետութենէն սպասումներ ունի, այնպէս ալ պետութիւնը համայնքէն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Սեւան Սվաճըօղլու այս բոլորի խաչաձեւման վրայ դերակատարութիւն կ՚իրականացնէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ ԹՎՄ-ի ելմտական յանձնախումբի գործունէութեան՝ ընդգծելով, որ ան համայնքային կեանքէ ներս թափանցիկութիւն կ՚ապահովէ։ Հաշուի առնելով երկրի տնտեսական վիճակը՝ մանաւանդ բարձր սղաճը, համայնքը դէմ յանդիման կը մնայ լուրջ բարդութիւններու։ Նորին Ամենապատուութիւնը շարունակեց.

«Ես դէմ եմ դպրոց փակելու կամ միացնելու։ Մեր ընդհանուր ունեցուածքը չենք գիտեր, որ դպրոցներու ապագան տնօրինենք։ Բայց գնաճը մեզ կը հարուածէ՝ առանց այդ ալ համայնքի անդամներուն թիւը կը նուազի։ Քայլերու պէտք է ձեռնարկել եւ պէտք է խնայողութեան երթալ։ Անել վիճակի պէտք չէ մատնուիլ՝ մանաւանդ տարուան կէսին դպրոց փակելու ստիպողութեան դէմ յանդիման մնալով եւ վստահուած աշակերտները անտէր թողելով։ Ես կը վերցնեմ իմ վեթոն դպրոց փակելու կամ միացնելու հարցէն, բայց, ամէն ինչ ծրագրաւորուած պէտք է ըլլայ։ Կարգ մը բաներու համար թէեւ տակաւին ուշացած չենք, բայց աւելի ալ չյետաձգենք։ ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ բոլորը պէտք է մտածեն այս մասին»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ելոյթի տեւողութեան տեղեկացուց, որ իր գահակալութեան հինգերորդ տարուան մէջ ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հիւսիսային Ամերիկա։ Երեք շաբթուան ճամբորդութեան ընթացքին ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան, նաեւ Գանատայի թեմերը։ Թորոնթոյի մէջ հանգանակութիւն մը նախատեսուած է Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագրին համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ այս եկեղեցին քաղաքէն ներս շատ լաւ դիրքի մը վրայ կը գտնուի եւ նորոգութեան աւարտին շուրջբոլորը պիտի գործեն խանութներ, որոնք պիտի ըլլան հասութաբեր։ 

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքը շուրջ 40 հազար հոգիէ բաղկացեալ հաւաքականութիւն մըն է եւ անոր մէջ կայ ամէն տեսակ մարդ։ Դէպքերն ու վէճերը անպակաս են, ինչ որ բնականոն է։ Ինչպէս կան խնդիրներ, այնպէս ալ կայ զանոնք լուծելու կամքը, ինչ որ կենսունակութեան նշան կը համարուի։

Այս ամբողջին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնացուց հայախօսութեան ահազանգային վիճակը։ Ան հերթական անգամ մատնանշեց մայրենիի գործածութեան նահանջով պայմանաւորուած խորապէս մտահոգիչ կացութիւնը։ Արդարեւ, նոյնիսկ հայախօսներուն համար աւելի դիւրին դարձած է տեղւոյն լեզուով խօսիլը։ Ուստի, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը խօսին ոսկեբարբառ, նուիրական հայերէնը։

Ելոյթի աւարտին բոլորը երգեցին «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը։ Աջահամբոյրի ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին փոխանցեց, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը նուիրելով զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025