ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մասնաւոր ծրագրով մը նշուեցաւ Հայ մշակոյթի շաբաթը՝ ի շարունակութիւն Ս. Թարգմանչաց տօնին։ Դպրոցի տղաքը զանազան ձեռնարկներով եւ աշխատանոցներու մասնակցելով նոր գիտելիքներ ամբարեցին՝ մանաւանդ իւրացնելով տօնին խորհուրդը։

Հայ մշակոյթի բաղադրիչներէն՝ երաժշտութեան, պարի եւ խոհանոցի զանազան ծալքերուն հետ ծանօթանալու առընթեր դպրոցի յարակից միութեան սրահին մէջ կազմակերպուած հանդէսը առիթ դարձաւ, որպէսզի աշակերտները տողանցեն արտասանութիւններով եւ երգերով։ Սաներուն կողմէ պատրաստուած տեսահոլովակը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Թատերակներն ալ ծափահարութիւններու արժանացան՝ համալրելով օրուան խորհուրդը։

Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէսի աւարտին արտասանեց սրտի խօսք մը՝ շեշտը դնելով հայկական ինքնութեան հաւատարիմ մնալու վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025