Երեքշաբթի 22, Ապրիլ 2025
«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին գիրքերէն մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները» անուանուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։ Լիպարիտեանի վերջին գործերը յօդուածներու կամ հարցազրոյցներու ժողովածոյ մը կը ձեւաւորեն։ Երեւանի մէջ հրատարակուած գիրքը կոչուած է՝ «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» անուամբ։
Թրքերէն հրատարակութիւնը կատարուած է «Friedrich-Ebert-Stiftung» միութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ։ Թարգմանիչները եղած են՝ Նեսրին Ուչարլար եւ Արթուն Կեպենլիօղլու:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025