ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
Կեդրոնական վարժարանի երդիքին տակ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ, որուն կ՚ընկերանային իր կողակիցը, շրջանի կրթական տնօրէն Ճեւատ Տերվիշօղլու եւ տնօրէնութենէն այլ պատասխանատուներ։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան գաւառապետը հիւրընկալեցին պատշաճօրէն։ Ջերմ զրոյց մը տեղի ունեցաւ պատմական դպրոցի յարկին ներքեւ։ Աթաքան Աթասոյ տեղեկութիւններ քաղեց Կեդրոնականի պատմութեան, առաքելութեան եւ այժմու գործունէութեան շուրջ։ Ան շրջայց մըն ալ կատարեց դպրոցէն ներս, ուր իւրաքանչիւր դասարանի մէջ աշակերտներուն ուղղեալ խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցաւ՝ յղելով բարեմաղթանքներ։ Այցելութեան առթիւ իրեն յանձնուեցաւ նաեւ յուշանուէր մը։
Հուսկ, նկարահանում տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի պատմական դրան առջեւ։