ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քահանայական ձեռնադրութիւն կատարեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի ժամ Ս. Պատարագի քահանայ օծեց երկու տիրացուներ, որոնք վերանուանուեցան՝ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան եւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Խարտավիլակն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, ինչպէս նաեւ Շուէտէն Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան։ Օրուան երգեցողութիւնները գլխաւորեց Ատրուշակ Սրկ. Հալաճեան։ 

Օրուան պատգամին մէջ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յորդորներ ուղղեց նորաօծ քահանաներուն։ 

Նորընծայ քահանաները կանոնական ապաշխարութեան քառասնօրեայ շրջանը պիտի անցընեն Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, իսկ աւելի վերջ պիտի մատուցեն իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 22, 2025