Երկուշաբթի 22, Դեկտեմբեր 2025
«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ԱՄԱՆՈՐԻ ԵԶԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի եզակի ձեռնարկ մը։ Միութեան «Թոքաթլըեան» խանի, Պէյօղլու, հաւաքատեղիի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աշխատանոց մը՝ «Պեթոնէ Ամանորի ծառ» անուանումով։ Մասնակիցները իրենց կողմէ ծրագրաւորուած Ամանորի ծառերը պահեցին, որպէս յիշատակ։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին այս մասնաւոր աշխատանոցի բոլոր մասնակիցները։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2025