«ՄԱՐԱԼ»Ի ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ՊԱՆԾԱՑԱՒ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը անմոռանալի ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ։ Երէկ երեկոյեան, AKM-ի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկը, որով համոյթը պանծացուց հայկական ժողովրդական արուեստը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզարական Պատրիարքը, Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան։
«Մարալ» երկու արարէ բաղկացեալ յայտագիրը գործադրեց բացառիկ յաջողութեամբ։ Համոյթին միացած էր Հայաստանէն ժամանած նուագախումբ մը։ Բաց աստի, երեկոյթի ընթացքին բեմ առաւ՝ նոյնպէս Հայաստանէն ժամանած մեներգչուհի Գայիանէ Սիմոնեան։ Այս վերջինը, առանց չափազանցութեան, եղաւ երեկոյթի աստղը՝ իր կուռ ձայնով ու մեկնաբանական կարողութեամբ խորապէս տպաւորելով բոլորը։ Գայիանէ Սիմոնեան իրականութեան մէջ բոլորի շատ յայտնի գործերը այնպէս մը մեներգեց, որ ունկնդիրներուն տեսակէտէ մեծ հաճոյքի մը վերածուեցաւ իր ձայնին հաղորդ դառնալը։
Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով։
«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան յուշանուէր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ արտասանեց գնահատանքի խօսք մը։ Պարուսոյցներ՝ Իրիս Չափքանն ու Սարէմ Շէշէթեանն ալ այս փուլին ստացան ծաղկեփունջեր։
Արձակման փուլին վառ տպաւորութիւները արդէն բոլորի յիշողութեան մէջ քանդակուած էին։
