Երեքշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2025
AK ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ԱՔ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Սերքան Փոլատ, իր տեղակալներէն Պիւլենտ Չեհրէ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութենէն Չեթին Աքկիւլ։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սերքան Փոլատ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ՝ պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր անցած շուրջ տարուան մը ընթացքին ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ան նշեց, որ ԱՔ կուսակցութիւնը միշտ կը կարեւորէ երկրի զանազանութիւնը ու միշտ հետամուտ է համակեցութեան միջավայրի ամրապնդման։
Զրոյցի աւարտին ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչները բարեմաղթանքներ յղեցին մօտալուտ Ամանորի առթիւ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025