ՄԱՀ՝ ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԼԱՊԵԱՆԻ
Խոր ցաւով կը հաղորդենք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքիս մէջ հայ մամուլի երկարամեայ վաստակեալներէն մին, որ շուրջ քսան տարի եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ցրուիչը։ Ոչ եւս է Մկրտիչ Կիւլլապեան, որ իսկական նուիրեալ մըն էր ու մեծ զոհողութիւններով ապահոված էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները կարողանան ամէն օր կանոնաւոր ձեւով ունենալ իրենց հարազատ թերթը։
Մկրտիչ Կիւլլապեան Կէտիկփաշայի երբեմնի Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտներէն էր։ Արհեստավարժ կեանքի մէջ հանգստեան կոչուելէ անմիջապէս վերջ, միացած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին եւ քսան տարի ամէն օր թերթ բաժնած էր Գումգաբու, Սամաթիա, Ետիգուլէ, Պաքըրգիւղ եւ Եշիլգիւղի ուղղութեան վրայ։ Մասնաւորապէս համավարակի շրջանի ծանր պայմաններուն ներքեւ ան մեծ հետեւողականութիւն ցուցաբերած էր, որպէսզի թերթիս ընթերցողները չզրկուէին հաղորդակցութեան հնարաւորութենէ։ Անցեալ նոյեմբերին ան աւարտած էր իր գործունէութիւնը։ Դժբախտաբար, հանգստեան կոչուելէ անմիջապէս վերջ, իր առողջական վիճակին մէջ արձանագրուեցան վերիվայրումներ։ Վերջին շուրջ երեք ամիսներուն ան բաւական ծանր վիճակի մէջ շրջեցաւ հիւանդանոցէ հիւանդանոց, այցելեց զանազան մասնագէտներու, սակայն, հազար ափսոս, որ միջամտութիւններէն որեւէ մէկը բաւարար չեղաւ իր առողջական վիճակը կայունացնելու համար։ Այս բոլորէն վերջ, երբ հերթական անգամ շտապօգնութեան ինքնաշարժով հիւանդանոց փոխադրուած էր, Մկրտիչ Կիւլլապեան չկարողացաւ տակաւին երկար դիմանալ եւ կնքեց իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր միակ դուստրն ու սիրելիներու շրջանակը։ Ան համակրանք ու յարգանք կը վայելէր իր շրջանակէն ներս՝ բարի բնաւորութեամբ եւ լուռ ու մունջ աշխատանքով։
Այս տխուր առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր դստեր՝ ուսուցչուհի Էլիզապէթ Կիւլլապեանի եւ բոլոր սիրելիներուն։