ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ
Երէկ, խմբագրատունս այցելեցին՝ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու համակարգման յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Ծանօթ է, որ միջմիութենական յանձնախումբը տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը կազմակերպէ քանի մը մեծ ձեռնարկ, ինչ որ միութիւններու ընդհանուր ամուլ գործունէութեան պայմաններուն ներքեւ կ՚արժանանայ ուշադրութեան եւ կը գնահատուի՝ մանաւանդ սերունդներու համախմբում ապահովելու տեսակէտէ։
Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Շուշան Սվասլըօղլու երէկ մեզի յայտնեցին, որ շուրջ տասն օր վերջ, Գալֆաեան տան Սկիւտարի ննջարանի համալիրի ընդարձակ պարտէզներուն մէջ, նախատեսուած է ձեռնարկ մը, որու նախապատրաստական աշխատանքները թեւակոխած են եզրափակիչ փուլ։ Միջմիութենական յանձնախումբը այս ձեռնարկը անուանած է՝ որպէս միասնութեան փառատօն։ Զանազան համայնքային մարմիններու հետ համագործակցութեամբ յառաջ տարուած են պատրաստութիւնները՝ մինչ ապահովուած են նաեւ քաղաքիս զանազան թաղերէն փոխադրամիջոցներ։ Փառատօնը բոլոր տարիքային խմբաւորումներու համար պիտի ունենայ առանձին երեսակներ։ Անշուշտ, երաժշտութիւնն ու պարը առաջնահերթ տեղ պիտի զբաղեցնեն՝ համալրելով բաժակներ ի ձեռին նախատեսուած անմիջական զրոյցներու քաղցրութիւնը։
Միջմիութենական յանձնախումբը կ՚ակնկալէ, որ ժողովրդական լայն մասնակցութիւն բերուի այս ձեռնարկին, որպէսզի ի գործ դրուած գերմարդկային ջանքերը արգասաւորուին, կազմակերպչական զոհողութիւնները արժեւորուին եւ մեր համայնքի անդամները զիրար վայելեն՝ միասնութեան ոգիով, բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Հիւրերը երէկուան զրոյցի ընթացքին շեշտեցին, որ սա միայն զուարճանքի կոչ մը չէ, որովհետեւ խորքին մէջ հրապոյրը համայնքի անդամներու համախմբումէն կախում ունի։
Միջմիութենական յանձնախումբը կը ծրագրէ փառատօնի հասոյթը թթխմորի մը վերածել՝ աւելի ու նախատեսուած՝ ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքի պատրաստութեան համար եւ մնացեալ բաժինը նուիրել Գալֆաեան տան։