ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Չաղլըուզուն եւ ուսուցչական կազմէն Լիանա Պենլի։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ դպրոցի ի նպաստ հանգանակութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը դիտել տուին, որ 2025-2026 շրջանը կը սկսի՝ մանաւանդ մեր վարժարաններու տեսակէտէ ակնյայտ դժուարութիւններով։ Պայքարը ամէն տարի կը սաստկանայ եւ համայնքը միշտ կ՚ապաւինի իր բարերարներուն, որոնց նկատմամբ կը բազմապատկուի երախտագիտութիւնը։ Հիւրերը դիտել տուին, որ միասնական պայքարը միակ եզրն է այս տարին ալ յաղթահարելու համար։ Անոնք համոզուած են, թէ համայնքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր ամենամեծ զոհողութեան բաժինը կը վիճակի կրթական մշակներուն։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուան ենթադրեալ պիւտճէի բացը գերազանցած է 36 միլիոն թրքական լիրայի սահմանը։ Այս գումարը աստղաբաշխային ըլլալ կը թուի, սակայն, միայն ընթացիկ ծախսերու եւ մանաւանդ՝ աշխատավարձերու եւ տուրքերու համար է։ Վարչայիններուն եւ մասնագիտական անձնակազմին տեսակէտէ ցաւալի է, որ որեւէ միջոց չէ նախատեսուած կրթական զարգացման ծրագրի մը համար։ Յամենայնդէպս, հիւրերը նշեցին, որ վարժարաններու պարագային յամառ պայքարը կը շարունակուի՝ կէտնպատակ ունենալով համայնքին ապագան ու հեռանկարները։

Հուսկ, Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին, որպէսզի համայնքային շրջանակները այս տարի եւս հետեւողականութիւն ցուցաբերէն վարժարաններու ի նպաստ զօրակցութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025