ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքներուն։ Նախընթաց օր, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ այս յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ։

Նկատի ունենալով, որ այս շրջանին կը նախատեսուի Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի Պատրիարքարան այցելութիւնը՝ յանձնախումբի անդամները յստակացուցին այդ հանդիպման ընթացքին ներկայացուելիք նիւթերը։

Բաց աստի, ժողովականները 2025-2026 կրթական շրջանի սկիզբի դրութեամբ ամփոփեցին համայնքային վարժարաններու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները՝ աշակերտութեան թիւի, կրթական մշակներու, պաշտօնեաներու եւ անձնակազմի թիւերու կտրուածքով։

Կրթական յանձնախումբը կը ծրագրէ աշխատանքային խումբեր ունենալ եւ այս կապակցութեամբ ժողովականները հանդէս եկան խորհրդածութիւններով՝ մասնաւորապէս արժեւորման չափանիշներու գծով։

Նկատի ունենալով, որ դասացուցակներու եւ դասաւանդման ծրագրերու վերաբերեալ աշխատանքներ ալ կը կատարուին այս շրջանին՝ յանձնախումբը աչքէ անցուց նաեւ անոնց վիճակը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025