ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԻԱ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Անգարայի մօտ Վատիկանի դեսպան, Պապական նուիրակ Մարեք Արքեպիսկոպոս Սոլժինսքին։ Յառաջիկայ նոյեմբերի վերջաւորութեան նախատեսուած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի Թուրքիա այցելութիւնը, որու ընթացքին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ ան պիտի հանդիսապետէ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի գումարման 1700-ամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։ Քահանայապետի այցելութեան նախապատրաստութիւնները կը համակարգէ Մոնս. Խոզէ Նաում Հաիրօ Սալաս Քասթանետա, որ եւս ներկայ էր երէկուան այցելութեան։ Վատիկանի եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմիններու պատասխանատուներն ալ մասնակցեցան զրոյցին, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի մօտալուտ այցելութեան ծրագրի մանրամասնութիւնները։ Նախագծի կարգ մը ծալքերուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի ունեցան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Հռոմէն Սրբազան Քահանայապետ մը արդի պատմութեան մէջ հերթական անգամ քաղաքս պիտի այցելէ։ Նկատի ունենալով, որ Սրբազան Պապի այցելութեան ծրագրին վրայ նախատեսուած է նաեւ Գումգաբու այցելութիւն մը՝ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ հոգեւոր ուրախութիւն պիտի ըլլայ Սրբազան Քահանայապետին հիւրընկալումը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2025