ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի ընտանիքը կազմակերպեց յատկանշական ձեռնարկ մը, որով նոյնաժամանակ քանի մը առիթ արժեւորուեցաւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հանդիսութիւնը վերանորոգեալ «Նարեկեան» սրահին մէջ էր։ Այսինքն, յետբարեկարգման աշխատանքներու, սա «Նարեկեան» սրահի պաշտօնական վերաբացման հանդիսութիւնն էր։

Երեկոյթը պատուեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազում հիւրեր։

Վերանորոգեալ սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ամերիկացի» ֆիլմը։ Այս գործի ներկայացումը նախատեսուած էր՝ ի նշանաւորումն Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելեանին։ Ներկաները ողջունեց ֆիլմին բեմադրիչը՝ Մայքըլ Կիւրճեան, որ պատուոյ հիւրերու շարքին էր։ Ան քաղաքս եկած էր՝ յայտնի մեներգչուհի Սիպիլի խրախուսանքով եւ համագործակցութեամբ։ Ուստի, հանդիսատեսները ողջունեցին նաեւ զինքը՝ այդ ներդրման համար։ «Ամերիկացի» ֆիլմը բոլորի հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Սա իսկապէս յատկանշական գործ մըն էր։ Յամենայնդէպս, Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելեանին առթիւ անոր ցուցադրութիւնը դրական ծրագիր մըն է, բայց, ձեռնարկը գործնականօրէն մնաց միայն դպրոցի յոբելեանին առթիւ, այլ ոչ թէ մասին։

Օրուան ատենախօսներու գլխաւորն էր Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, որ շեշտեց, թէ Էսաեան վարժարանը անջնջելի հետք մը թողած է իր շեմէն անցած սերունդներու ներկայացուցիչներու էութեան վրայ։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն վերջ, Մայքըլ Կիւրճեան անկեղծ սրտի խօսքով մը ներկաներուն հետ բաժնեց զգացումներն ու տպաւորութիւնները։ Խօսքը թարգմանուեցաւ Թալին Սիւզմէի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատանքի խօսք մը արտասանեց՝ կանգ առնելով թէ՛ ֆիլմի զանազան ծալքերուն վրայ եւ թէ ջերմ պատգամներ հասցէագրելով Մայքըլ Կիւրճեանին։ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ ամերիկահայ արուեստագէտին յանձնուեցաւ նաեւ Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններով։ Հուսկ, բարեզարդեալ սրահի բեմին վրայ նկարահանուեցան երեկոյթի պատուոյ հիւրերն ու Պէյօղլուի ընտանիքի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանի։

Հարկ է նշել, որ ֆիլմի ցուցադրութեան նախորդեց ընդունելութիւն մը, որ հնարաւորութիւն ընձեռեց Մայքըլ Կիւրճիեանի եւ հիւրերու միջեւ անմիջական զրոյցի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2025