«ԱՊԱԳԱՅ»Ի ՈԳԵՒՈՐ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս, երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ, միջոցէ մը ի վեր կը գործէ «Ապագայ» երգչախումբը։ Նորաստեղծ այս կազմի տղաքը վերջին օրերուն համախմբուեցան՝ Ամանորի խրախճանքի մը առթիւ։ Բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս խրախճանքին ժամանակ։ Ներկայ էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, կրթական մշակներ եւ երգչախումբի անդամներու ծնողները։ Հրանդ Չիզմէճեան եւ սաները Նոր տարուայ ընդառաջ հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ, ողջունեցին Կաղանդ պապուկը ու փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025