ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ
«Արաս» հրատարակչութեան համահիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Եդուարդ Թովմասեանի կորուստը անցեալ քառասուն օրերուն միշտ կոտտացուց իր սիրելիներուն սիրտը։ Ան այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէր, որ մահը, մահուան գաղափարը իսկապէս անհամատեղելի էին անոր հետ։ Եդուարդ Թովմասեան կ՚առանձնանար բարձր տրամադրութեամբ, համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ, աշխատանքի եռանդով եւ արտադրունակութեամբ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ հետք թողած, ուրոյն անձնաւորութիւն մըն էր, որու հեռացման տակաւին չեն կրցած համակերպիլ իր սիրելիները։ Համայնքային կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ Եդուարդ Թովմասեանի անունը արձանագրուած է թէ՛ իր գործունէութեամբ եւ թէ մարդկային առաքինութիւններով։ Իր սիրելիները, վստահաբար, տարիներ անց ալ պիտի չկարողանան համակերպիլ անոր բացակայութեան, սակայն, այդ բարդ զգացումը յարաբերաբար կառավարելի պիտի դառնայ։
Եդուարդ Թովմասեան մէկն է, որու յիշատակը պէտք է ապրի պոլսահայ կեանքէն ներս։ Սուգն ու զրկանքի զգացումը պէտք չէ արգելք հանդիսանան՝ իր յիշատակը վառ պահելու ուղղեալ քայլերուն կամ նախաձեռնութիւններուն։ Ան սոսկ անհատ մը չէր, այնքան ուրոյն ու խորհրդանշական անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր յիշատակը կրնայ սերունդներուն առջեւ դուռ բանալ՝ ըմբռնելու համար ժամանակաշրջան մը, ժառանգութիւն մը, կենցաղ մը եւ տակաւին բազում հանգամանքներ։ Այստեղ կայ միակ առաւելութիւն մը։ Եդուարդ Թովմասեան այնքան խոր ազդեցութիւն գործած է, որ ինքնին ձեւաւորուած են հետքեր, որոնց հետեւելու պարագային կարելի է նորովի պատկերացնել անոր անցած ուղին։ Ան կենդանութեան շրջանի գործունէութիւնով, վարուելակերպով կարծես բոլորին աւանդ թողած ըլլար բանալիներ, որոնք կրնան ազդանը-շաններ մատուցել հաւաքական ճանապարհորդութեան ընթացքին կարգ մը մանրամասնութիւններ չանտեսելու եւ կատարելագործուած ձեւով դիրքաւորուելու տեսակէտէ։
Իր մեկնումէն քառասուն օր անց, անսահման կարօտով ու վերանորոգ սիրով կ՚ոգեկոչենք լուսահոգի Եդուարդ Թովմասեանը, որու բարի ու ազնիւ յիշատակին առջեւ կը խոնարհենք թարմ ծաղիկներ՝ վստահ ըլլալով, թէ իր յաւիտենական հանգիստը կ՚ըլլայ խաղաղ։