ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ թաղականները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ ուշադրութեամբ լսեց անոնց կողմէ մատուցուած տեղեկութիւնները՝ Պաքըրգիւղի ընտանիքի գործունէութեան վերջին ծալքերուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերահասու դարձաւ նաեւ կարիքներուն՝ յոյս յայտնելով, թէ դժուարութիւններու յաղթահարման նախապայմանն է միասնականութեան ոգիի ամրապնդումը։ Ան բարձր գնահատեց Պաքըրգիւղի ընտանիքի հաւատարմութիւնը՝ իր հաստատութիւններու առաքելութեան նկատմամբ։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց թաղականներուն՝ սիրոյ սեղանի կազմակերպչական աշխատանքներու ճանապարհին։