ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փութաց Թուրքիոյ մօտ Սպանիոյ դեսպանութեան Պիւյիւքտէրէի ամարանոցը, որու պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը։ Քաղաքիս զանազան հոգեւոր առաջնորդներուն առընթեր, հրաւիրեալներու շարքին էին դիւանագէտներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Անգարայի մօտ Սպանիոյ դեսպան Քրիստինա Լաթորէ Սանչօ եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Անա Մարիա Մենենտէզ Փերէզ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր մասնակցութեան համար։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց դեսպանին եւ աւագ հիւպատոսին՝ Ազգային տօնին առթիւ։
Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։