ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՊԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուած էին համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչները։ Գումգաբուի այս հաւաքոյթը առցանց հարթակներու վրայ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ՝ Պատրիարքարանի պաշտօնական հաշիւներուն միջոցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գահասրահին մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեանը, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը, ինչպէս նաեւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համայնքի հրատապ օրակարգի գրեթէ բոլոր նիւթերու շուրջ մանրամասն խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ։ Իր խօսքերու առանցքային նախադասութիւնները մեր այս օրուան էջին վրայ մէջբերուած են՝ միտքերու փունջի մը ձեւաչափին մէջ։
Ասուլիսի ընթացքին յուզումնախառն էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Պատրիարքի հեղինակութիւնը ո՛չ կ՚աւելնայ, ո՛չ ալ կը պակսի։ Աթոռը համայնքի ամենաչքաւոր կառոյցն է։ Ի վերջոյ parayı veren düdüğü çalar կանոնը կը գործէ»։ Սա վարպետ բանաձեւում մըն էր, որ համայնքային իրականութեան ինչ-ինչ ծալքերուն վրայ լոյս կը սփռէ։
Եզրափակիչ փուլին, հարցումի մը պատասխանելով՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ իր տեսլականին մասին։ «Ամէն մարդ կը տեսնէ իր տեսողութեան սահմանին համաձայն։ Ի՞նչ տեսլականի մասին է խօսքը։ Այս ժողովուրդը միշտ տոկացած է։ Չենք գիտեր՝ ո՞ւր կը հասնի պատմութեան ճամբորդութիւնը», ըսաւ ան։