ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ ԱՆՊԱՐՏ
Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան արդարացուեցաւ դատական մարմիններուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երեք տասնամեակ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը կատարելէ վերջ, Սաթենիկ Նշան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Սիմոն Չէքէմի պաշտօնավարութեան շրջանին գործէն հեռացուած էր՝ հանրային կարծիքին մօտ չարդարացուած ձեւով։ Այդ ժամանակ նախկին ատենապետը նաեւ Սաթենիկ Նշանին դէմ դատ մը բացած էր՝ իւրացումներու վերաբերեալ պնդումներով, ինչ որ համայնքային շրջանակներէն ներս խոր ցաւ յառաջացուցած էր։
Երկարատեւ ու մաշեցուցիչ այս դատական գործընթացը երէկ հասաւ իր աւարտին եւ պատկան դատական իշխանութիւնները արդարացուցին Սաթենիկ Նշանը՝ վճիռ արձակելով, թէ իր դէմ հասցէագրուած մեղադրանքները անհիմն են։