Չորեքշաբթի 4, Յունիս 2025
ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները ամառնամուտը նշեցին հաճելի հաւաքոյթով մը։ Եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ անոնք համախմբուեցան՝ դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ։ Երգչախումբի անդամներուն միացան նաեւ կարգ մը թաղականներ։ Ընտանեկան հաւաքոյթի մը մթնոլորտին մէջ բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին անցեալ շրջանին՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի գլխաւորութեամբ տարուած աշխատանքներուն մասին։ Ընթրիքի ընթացքին բոլորին մաղթանքն էր, որ յառաջիկայ ամրան յարաբերական հանդարտութենէ վերջ նոր եղանակը սկսի դրական մթնոլորտի մը մէջ եւ նոր ձեռքբերումներու առիթ դառնայ։
Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025