Չորեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2025
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ Գումգաբու փութացած էր ցաւակցութիւն յայտնելու համար նորոգ հանգուցեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի մահուան առթիւ։ Ճան Ութապաշը բարոյական զօրակցութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ համայն ընտանիքին։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց նրբանկատ վերաբերմունքին համար։
Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու օրակարգային հարցերը՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերաբերեալ երեսակներու կտրուածքով։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025