ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու անդամուհիներէն Նուարդ Պարընն ու Նատին Թաշը։ Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին նախատեսուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդը համայնքային շրջանակները կը լուսաբանէ մանրամասնօրէն։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին թաղականները դիտել տուին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս տարի ունի 95 աշակերտ։ Տարեկան պիւտճէի բացը կը հասնի 25 միլիոն թրքական լիրայի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը շարժման անցած է միջոցներ ճարելու համար։ Մօտաւոր անցեալին համայնքային շրջանակները ողջունած էին դպրոցի շէնքի երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան ծրագրի արդիւնաւէտ ձեւով կեանքի կոչուիլը։ Յամենայնդէպս, թէեւ թաղային խորհուրդը առանցքային նշանակութեամբ ծրագրերու պարագային կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը, սակայն, միշտ կը պարտաւորուի պայքարիլ պիւտճէի մեծ բացերու դէմ։
Նուրհան Սուճուեան, Նուարդ Պարըն եւ Նատին Թաշ յայտնեցին, որ տասնամեակներէ ի վեր Թոփգաբուի ընտանիքը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կ՚արժեւորէ համայնքին կողմէ յատկացուած միջոցները, որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութիւնը պահպանուի կայուն հունի մը մէջ։
Մօտալուտ սիրոյ սեղանին ընդառաջ Թոփգաբուի ընտանիքը կոչ կ՚ուղղէ համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի հերթական անգամ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ շարունակէ իր երթը՝ որպէս յատուկ առաքելութեամբ համայնքային կրթօճախ մը, որ քաղաքի ծայրամասային թաղամասերէ համեստ ընտանիքներու զաւակներուն համար կ՚ըլլայ տաքուկ բոյն մը։