ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄԵՐԻ ԱՅՏԱ ՄԱՃԱՐՕՂԼՈՒԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մերի Այտա Մաճարօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային՝ մանաւանդ Գատըգիւղի ընտանիքի շրջանակներէն ներս։ Հանգուցեալը յարգանք ու համակրանք կը վայելէր իր ընկերային շրջանակէն ներս եւ իր վերջին հրաժեշտի մթնոլորտն ալ եկաւ վերահաստատել այս հանգամանքը։ Լուսաշող տաճարի կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ բոլորը համախմբուած էր յուզումնախառն զգացումներով եւ անկեղծօրէն աղօթեց հանգուցեալի յաւիտենական հանգիստի խաղաղութեան համար։ Յուղարկաւորները, ցաւ ի սիրտ, բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին նաեւ հանգուցեալին հարազատները՝ մանաւանդ դուստրը՝ վաստակաշատ կրթական մշակ Ռիթա Գոզանօղլուն, որ մինչեւ վերջին պահը գուրգուրանքի առարկայ դարձուցած էր իր սիրեցեալ մայրը։

Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Վերջին հրաժեշտի տխուր պահուն յուղարկաւորները վերյիշեցին հանգուցեալին վերաբերեալ իրենց քաղցր յուշերը։

Հուսկ, հոգելոյս Մերի Այտա Մաճարօղլուի մարմինը հողին յանձնուեցաւ թաղի կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ կրկին խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի բարեկամ Արթօ-Ռիթա Գոզանօղլու ամոլին, հարազատներուն եւ հանգուցեալի համայն ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025