ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։ Անոնք զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգութեան ու վերականգնման աշխատանքներուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ ծխական խորհուրդը այս ծրագրին ալ հետամուտ է։ Հարկ է յիշեցնել նաեւ, որ այս նախագծին համար պետական պիւտճէէն յատկացում ալ կատարուած է։ Ծխականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դիտել տուին, որ այս գործին տարողութիւնը շատ մեծ է եւ անհրաժեշտ է համայնքին կողմէ ալ միջոցներ յատկացնել։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ կարեւորեց այս ծրագրին ի կատար ածուիլը եւ ծխական խորհուրդին տուաւ իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ վճռակամութիւն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025