Հինգշաբթի 27, Փետրուար 2025
ՊԷԶՃԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները կը շարունակեն յարատեւ յաջողութիւններ արձանագրել մտախաղերու մէջ։ Պէզճեանցիները վերջերս մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճին մէջ կազմակերպուած մտախաղերու։ Միջվարժարանային մրցաշարքի մը ձեւաչափին մէջ էր այս ծրագիրը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Պէզճեանցիները նուաճեցին ախոյեանի տիտղոսը։ Մրցաշարքը կազմակերպուած էր՝ Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի խումբին մաս կազմեցին Քեթրին Տէյիրմենճի, Թամարա Ղազարեան եւ Մելքոն Տոլաշ, որոնց առընթեր պահեստիներն էին՝ Արիա Թաշճըլար, Մաթայ Պարան եւ Մաքսիմ Իրիս։
Հարկ է նշել, որ խումբը վերահսկած էր դպրոցի ուսուցիչներէն Ֆիլիփ Ելէկէն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025