«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱԿԻՑ «ԵՍԱՅԵԱՆ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ «ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ» ԵՐԿՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու «Արաս» հրատարակչատան առընթեր «Եսայեան» միութենէն երկու երիտասարդ ներկայացուցիչներ՝ Դալար Միտոյեանն ու Վարդան Էսդուգեանը, որոնք մեզի փոխանցեցին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ յիշեալ միութիւնը կը կազմակերպէ «Հանդիպում» երկրորդ փառատօն, որ պիտի սկսի այս շաբաթավերջին։ Սա արդէն երկրորդ «Հանդիպում»ն է, որու ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի 1-29 մարտին։ 

Դալար Միտոյեան եւ Վարդան Էսդուգեան դիտել տուին, որ շուրջ ամսուան մը վրայ ձգուած փառատօնի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ շուրջ յիսուն ձեռնարկ։ Թէ՛ դպրոցական եւ թէ հանրային բնոյթով ձեռնարկներ նախատեսուած են փառատօնի ժամանակացոյցին վրայ, ուր կան նաեւ աշխատանոցներ։ Ընդհանրապէս, առօրեայի մէջ արեւմտահայերէնի օգտագործումը խրախուսելու հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որ կեանքի կը կոչուի աջակցութեամբ «CultureCIVIC» հասարակական կազմակերպութեան, որ կը գործէ Եւրոմիութեան գանձատրումով։

Արտասահմանէն ալ մասնակցութիւն կը նախատեսուի «Հանդիպում»ին մանաւանդ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն։ Իրենց բնագաւառներէն ներս բաւական յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան, Հրանդ Քալէմքեարեան, Վահան Քերովբեան, Հայկ Եազըճեան, Գայիանէ Կավրիլոֆ եւ այլն, փառատօնի ծրագրին կը բերեն իրենց ներդրումը՝ աշխատանոցներու կամ այլ ձեւաչափերու մէջ։ 

Հիւրերը մեզի յայտնեցին, որ փառատօնը պիտի ունենայ նաեւ երաժշտական ճոխ բաժին մը։ Բաց աստի, շարժանկարն ալ չէ անտեսուած ծրագրի ամբողջին մէջ։ Այսպէս, պիտի ներկայացուի Սերժ Աւետիքեանի ֆիլմերէն մին եւ այս առթիւ զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ իր հետ։ 

Փառատօնի օրերուն պիտի գործէ մշտական ցուցահանդէս մը՝ հայ երիտասարդ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն հարթակ տրամադրելով։ Թոփհանէի «Տեփօ»ի համալիրէն ներս պիտի գործէ այս ցուցահանդէսը, որու պատասխանատուներն են Լարա Սուլուօղլու եւ Գրիգոր Տապանեան։ 

Փառատօնի կազմակերպիչները փափաքած են անմիջական համագործակցութեան մէջ ընթանալ պոլսահայ վարժարաններուն հետ։ Ուստի, համայնքային իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ նախատեսուած է ձեռնարկ մը։ 

«Հանդիպում»ի եզրափակիչ փուլին շրջայց մը նախատեսուած է դէպի Սէօլէօզ, Պուրսա։ Անցեալի հարուստ յիշողութիւններով եւ հայկական ստուար բնակչութեամբ ծանօթ Սէօլէօզը եղած է նաեւ Յակոբ Օշականի ծննդավայրը։ Ուստի, շրջայցը առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի փառատօնի մասնակիցները Սէօլէօզի վերաբերեալ տարրական տեղեկութիւններ քաղեն, անոր մթնոլորտը շնչեն՝ Յակոբ Օշականի գրածներուն հետ համատեղելով այդ բոլորը։ 

Դալար Միտոյեան եւ Վարդան Էսդուգեան այցելութեան ընթացքին յայտնեցին, որ «Հանդիպում» փառատօնի ծրագիրը, ժամանակացոյցը եւ յարակից բոլոր մանրամասնութիւնները հետաքրքիրներուն համար հասանելի կ՚ըլլան առցանց։

Ուրբաթ, Փետրուար 27, 2026