ՖԷՐԻԳԻՒՂԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉ

Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը, Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդը կը ջանայ հանրային կարծիքը լուսաբանել՝ ապահովելու համար համայնքային շրջանակներուն զօրակցութիւնը։

Մանուկ Էօղէր եւ ընկերները այս առաւօտ մեզի յայտնեցին, որ Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան պիւտճէն 54 միլիոն լիրա կը կազմէ եւ այդ գումարին 30 միլիոն 500 հազար լիրան բաց է։ Թաղականները շեշտեցին, որ դպրոցը ունի 130 աշակերտ եւ այս թիւը կայուն է՝ մանաւանդ, որ անցեալ տարուան մակարդակին տակ չէ իջած։ Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային մանկապարտէզի փոքրիկներու թիւն ալ յուսադրիչ է, որովհետեւ միջնաժամկէտ հաշուարկներ ընելու տեսակէտէ անհրաժեշտ երաշխիքները կը ստեղծէ։

Մանուկ Էօղէր եւ ընկերները դիտել տուին, որ տնտեսութեան ընդհանուր պայմանները անխուսափելիօրէն կ՚ազդեն դպրոցի նիւթական կացութեան վրայ։ Մօտաւոր անցեալի բաղդատմամբ, նոյնիսկ տարադրամի հիմունքով կրկնապատկուած է իւրաքանչիւր աշակերտի ծախսը։ Ներկայ դրութեամբ մէկ աշակերտի պարագային այդ փոխարժէքը կը մօտենայ 6 հազար ամերիկեան տոլարի սահմանին։ Նկատի ունենալով, որ Ֆէրիգիւղի մէջ մեր համայնքի ամենահամեստ ընտանիքները կը բնակին՝ վարժարանի պարագային դիմագրաւուած դժուարութիւններն ալ կը ծանրանան։

Թաղականները բացատրեցին, որ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը ջանայ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնել թաղի աղքատախնամ մարմինը, որու նպաստընկալներուն թիւը 350 է։ Թաղականները շեշտեցին, որ աղքատախնամի նպաստընկալներուն քանակը դպրոցի աշակերտներու թիւէն աւելի քան կրկնապատիկ բարձր է։ Անոնք ցաւ յայտնեցին, որ համայնքի՝ լուրջ միջոցներ տնօրինող կառոյցները բաւարար զօրակցութիւն չեն ցուցաբերեր՝ մանաւանդ Ֆէրիգիւղին, ուր լուրջ մարդուժ կուտակուած է եւ դպրոցահասակ տղաքը այս թաղէն կը սնեն բազմաթիւ վարժարաններ։

Ատենապետ Էօղէր եւ գործակիցները շեշտեցին, որ թաղային խորհուրդի գործունէութեան կէտնպատակն է նոր սերունդին ժառանգել առողջ ինքնութիւն մը։ Ուստի, յամառ պայքար կը մղեն դպրոցը բաց պահելու համար։

Միւս կողմէ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի յաջողութիւնները կը շարունակեն ուրախութեան առիթ դառնալ։ Հիւրերը տեղեկացուցին, որ տարեվերջին նախատեսուած է երգչախումբին համերգը Անգարայի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025