Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջին երկու օրերուն արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն առթիւ։ Ծրագիրը նախատեսուած էր երկու փուլով։ Առաջին հերթին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները, իսկ յաջորդիւ միջնակարգի սաները խրախճանքներով ըմբոշխնեցին մեծ ուրախութիւնը։
Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն յաջորդած հիւրասիրութեան ընթացքին Պէզճեանի ընտանիքի անդամները համտեսեցին նաեւ՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած աւանդական ուտեստները։
Բարեկենդանի խրախճանքին զուգահեռ՝ կրթական մշակները աշակերտներուն յիշեցուցին, որ արդէն կը սկսի Մեծ պահքի շրջանը. բոլորին մաղթանքն էր բարիով միասնաբար ողջունել Սուրբ Զատիկը։
Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025