Երկուշաբթի 31, Մարտ 2025
ՓՐՈՖ. ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Յայտնի վիրահատ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Երեկոյթը հոծ թիւով հետաքրքիրներու ուշադրութեան արժանացաւ։ Ասուլիսի ձեւաչափով նախատեսուած էր ձեռնարկը, որու ընթացքին յայտնի մասնագէտին հետ զրոյցը վարեց Նատին Կէօրենլի։ Փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան շուրջ երկու ժամ առողջապահութեան զանազան խնդիրներու մասին խորհրդածեց՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով քաղցկեղի վերաբերեալ խնդիրներու։ Ասուլիսի աւարտին հիւրընկալ միութեան վարչայինները իրեն յանձնեցին յուշանուէր մը։
Զրոյցէն վերջ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս ներկաներուն կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան, որ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025